2014-02-07 12:44:10

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 7 փետրուարի քարոզը` ''Քրիստոնեայ ըլլալը առանձնաշնորհում մը չէ, հեզութեամբ հռչակենք Աւետարանը''։


Ուրբաթ, 7 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սնաթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարգի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Յովհաննէս կարապետի նահատակութեան մասին։ Յովհաննէս Մկրտիչի նման, Քրիստոսի իսկական աշակերտը կը հետեւի խոնարհութեան ճանապարհին - ըսաւ Քահանայապետը - մատնանշելով Յովհաննէս Մկրտիչի առաքելութեան որ հռչակեց Տէրը եւ Աստուծոյ արքայութեան մօտիկութիւնը ու ապա մկրտեց եւ ապաշխարութիւն յորդորեց։ Ան տէր չի դարցաւ իր բարոյական բարձր իշխանութեան, թէեւ՝ ամէն մարդիկը իրեն կը հետեւէին։ Ան ուղիղ եւ ճշմարիտ մարդ` հռչակեց Քրիստոսի գալուստը ու անոր նմանելով ընտրեց հեզութեան ճանապարհը, խոնարհեցաւ մինչեւ մահ։ Յովհաննէս ուժը գտաւ Յիսուսի հետ հանդիպումէն – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա քարոզը եզրափակեց ներկաները հրաւիրելով՝ հանդիպելու Տիրոջ, վերադառնալու այդ առաջին հանդիպումին ու յառաջ ընթանալ այն ճանապարհով ուր Տէրը՝ միշտ աւելիով կ'աճի ու մենք՝ կը նուազինք։







All the contents on this site are copyrighted ©.